2014-02-28 12:14:53

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը եպիսկոպոսներու ժողովի անդամներուն` եպիսկոպոսը վարիչ մը չէ եւ ոչ ալ ղեկավար մը։


Եպիսկոպոսներու ժողովի անդամները ընդունելով, 27 փետրուար 2014-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անոնց ուղղած երկարաշունչ ճառով պարզեց ''իտէալ'' եպիսկոպոսին դիմագիծը։
Եպիսկոպոսը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - պէտք չէ ըլլայ վարիչ մը կամ Եկեղեցւոյ ի խնդիր խաչակրութեան մը ղեկավարը, այլ պէտք է ըլլայ համեստ եւ համբերատար սերմանող մը։
Նախագահելով եպիսկոպոսներու ժողովի հաւաքը, Նորին Սրբութիւնը խնդրեց որ եպիսկոպոսները հաւատացեալներուն երաշխաւորեն կայունութիւնը` աշխարհի մը մէջ ուր անհատները կը փորձարկեն բազմաթիւ խզումներ անընդհատ յեղաշրջումներու պատճառաւ։ Սրբազան Քահանայապետին համար եպիսկոպոսները պէտք են կարող ըլլալ մարդիկը մօտեցնելու Աստուծոյ ։ Եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան պահապանը ու այս կեցուածքով ի վիճակի ըլլայ մարդիկը Աստուծոյ քաշելու ու Աստուած սիրցնելու։
Ֆրանչիսկոս Պապին համար չկայ տիպար` միօրինակ հովիւ մը բոլոր եկեղեցիներուն համար, այլ ամէն եկեղեցի կը պահանջէ իւրայատուկ առաջնորդ մը։ Քահանայապետը եպիսկոպոսին մէջ կը տեսնէ ''Յարուցեալի նահատակ'' մը, եւ ոչ թէ ''կղզիացած վկայ մը''։
Զրկումն ու զոհողութիւնը անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալու են եպիսկոպոսի առաքելութեան։ Եպիսկոպոսը կը գործէ ոչ թէ ինքնիրեն համար այլ Եկեղեցւոյ համար, հօտին համար, ուրիշին համար եւ մասնաւորապէս աշխարհէն արհամարուածներուն համար։
Եպիսկոպս մը ընտրելու համար հարկաւոր չէ հաշուի առնել անոր մարդկային, մտաւորական, մշակութային եւ նոյնիսկ հովուական կարողութիւնները եւ ոչ ալ գումարել անոր առաքինութիւնները - շեշտեց Նորին Սրբութիւնը ու ապա Եպիսկոպոսը սահմանեց որպէս իր ժողովուրդին մօտ հովիւ մը, հեզաբարոյ, համբերատար, գթարատ, աղքատութիւնը սիրող եւ խստակեաց ապրելակերպով։
Եպիսկոպոսի մը ընտրութիւնը կը պահանջէ երկու անհրաժեշտ կեցուածքներ` խղճմտանք յաչս Աստուծոյ եւ հաւաքական յանձնառում եպիսկոպոսական դասին հետ։ Եպիսկոպոսը պէտք է խուսափի իշխանականի մտայնութենէն, յաւակնութենէն ու պաշտօնի բարձրացումէն։ Ան կանչուած է կառավարելու հայրական հաստատամտութեամբ ու անջատումով մատակարարելու նիւթական բարիքները։
Նշենք որ այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը առաքելական դեսպաններուն ուղղած ճառով այս նիւթը շօշափած էր նաեւ անցեալ 21 յունիս 2013-ին։ Անոր գնահատումով արուեստավարժութիւնը, սպասարկութիւնը եւ կեանքի սրբութիւնը պէտք են յատկանշել եպիսկոպոսին կեանքը։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց եպիսկոպոսներու ժողովէն խնդրելով որ այդ նիւթին մասին վաւերաթուղթ մը հրապարակեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.